2012-05-15 12:39:49

Ս. Պատարագ` Այնթուրայի Դպրոցի Եկեղեցւոյ Մէջ


Կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, Այնթուրայի դպրոցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, զոր մատոյց գերյ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան` ի ներկայութեան բազմաթիւ հաւատացեալներու, ոգեկոչելու համար 300 հայ որբուկներու յիշատակը, որոնք ենթարկուած էին ամէնէն վայրագ վարուելակերպին այս դպրոցին մէջ` 1914-ի մեծ պատերազմի ընթացքին, Օսմանեան պետութեան գործիչներու կողմէ:
Սրբազան ծէսի արարողապետն էր եղբ. Ճոնի Պլպլէն, երգեցողութիւնը կատարեցին մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը եւ Զմմառու վանքի ժառանգաւորները. ղեկավարութեամբ՝ մայեսթրօ Մանուէլ սրկ. Քէշիշեանի: Այս առթիւ ելոյթ ունեցաւ Ղազար Պետրոսեան: Զալքայի եւ Էշրեֆիէի ՀԿՄ պատանեկանը հսկեց կարգ ու կանոնին վրայ, Լիբանանի Հայ դատի մարմինի անդամներուն պատրաստած մեծ պաստառները ցուցադրուած էին եկեղեցւոյ մուտքին: Նաեւ այս առիթով հայ որբուկին նուիրուած խոշոր պաստառը կախուած էր սոյն վարժարանի մուտքին:
Այս առիթով պատարագիչ գերյարգելի վարդապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Երբ ցեղային եւ կրօնային ջարդեր տեղի կ՛ունենան տարբեր տեղեր, միթէ՞ աշխարհը լաւ կ՛ըլլայ: Երբ մէկուկէս միլիոն հայ խոշտանգուի, արդեօ՞ք միջազգային կարծիքն ու աշխարհը խիղճ կ՛ունենայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ ծրագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ, կը նկատուի մարմնացում եւ իրականացում մշակուած ծրագիրի մը: Բոլոր մտածուած միջոցները գործադրուեցան, որոնց ըմբռնումը մարդկային միտքը չի կրնար տանիլ: Սակայն անոնք իրենց նպատակին չհասան, իբրեւ փաստ` մեր ներկայութիւնը այստեղ, մեր քրիստոնեայ հաւատքը, մեր գրիչը, խօսքը, մեր տրոփուն սիրտը, հայապահպանումը եւ մեր աւանդութիւններուն տէր կանգնիլը»: Մեծաւոր Հայրը իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի հայուն ըսաւ ՜՜ դուն չես կրնար կտրուիլ քու անցեալէդ եւ չես կրնար զայն մոռնալ: Իսկ եթէ մոռնաս, կը կորսնցնես քու ինքնութիւնդ, ինչ որ թուրքերը չկրցան ընել: Չես կրնար ուրանալ կրօնդ, որովհետեւ այն ազգը, որ ունեցած է նման քաջարի նահատակներ, չի կրնար անտարբեր մնալ»։
Յիշատակելի է փոքրիկի մը վկայութիւնը, թէ մենք չենք մոռնար մեզ նման փոքրերու խոշտանգումը այս վայրին մէջ, սակայն մենք տակաւին կանք ու պիտի մնանք հայ քրիստոնեայ: Յաւարտ Ս. պատարագին բոլորը իրենց ձեռքերը կարմիր կանթեղներ ու վարդեր բռնած թափօրով ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է խաչքար մը հայ որբուկներու գերեզմանին վրայ, եւ զանոնք հոն զետեղեցին, ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:









All the contents on this site are copyrighted ©.